top of page

Մեր Հոգեւոր Հովիւը

WhatsApp Image 2025-07-11 at 2.54.26 PM.jpeg

Գաբրիել քհնյ.Վարդանեան 

 

Գաբրիել քհնյ. Վարդանեան (մկրտական անունով՝ Արման) ծնած է 1981 թուականի Մայիս 18-ին,
Հայաստանի Հանրապետութեան Արմավիրի մարզի Էջմիածնի շրջանի Ոսկեհատ համայնքին մէջ։

1987-1998 թթ. ուսանած է Ոսկեհատի միջնակարգ դպրոցը։
1998-2000 թթ. ուսանած է Շիրակի Հոգեւոր Ընծայարանը։

2000-2006 թթ. ուսանած է Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը, զոր աւարտած է գերազանց առաջադիմութեամբ եւ ստացած է աստուածաբանութեան մագիստրոսի աստիճան։

2006 թուականի Փետրուար 23-ին, Սրբոց Վարդանանց տօնին օրը, Ներսէս արք. Պոզապալեանի
ձեռամբ ձեռնադրուած է սարկաւագ։ Նոյն տարուան ընթացքին, պաշտպանած է իր աւարտաճառը՝
«Հնաբանութիւնները (գրաբարաբանութիւնները) գեղարուեստական խօսքին մէջ» թեմայով։
2006 թուականի Յունիսէն, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, սկսած է
ծառայել «Գարեգին Ա Աստուածաբանական Կեդրոն»-ին մէջ՝ որպէս գործավար-քարտուղար։ Նոյն տարին,
պատրաստած է տպագրութեան Վահան վրդ. Բաստամեանցի «Կանոնագիտական երկերը» աշխատութիւնը։
2007-2012 թթ.՝ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ ուսանած է Աթէնքի
Պետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան բաժինը, ուր պաշտպանած է իր թեզը՝ «Եկեղեցւոյ
Անսխալականութիւնը» թեմայով։
2012 թ. Մարտէն մինչեւ Հոկտեմբեր, ծառայած է Վազգենեան Հոգեւոր Դպրանոցին մէջ որպէս
վերակացու՝ միաժամանակ դասաւանդելով «Սուրբ Գրքի Ուսուցում» եւ «Քրիստոնէական» առարկաները։
2012 թ. Հոկտեմբերէն, ծառայութեան կոչուած է Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանը՝ դարձեալ որպէս
վերակացու, դասաւանդելով «Սուրբ Գրքի Ուսուցում», «Հին Կտակարանի Ներածութիւն», «Նոր Կտակարանի
Ներածութիւն» եւ «Վարդապետական Աստուածաբանութիւն» առարկաները։
2013 թ. Ապրիլ 21-ին՝ Գէորգ եպս. Սարոյանի ձեռամբ, ձեռնադրուած է ամուսնացեալ քահանա՝
շարունակելով ծառայութիւնը Գէորգեան Ճեմարանին եւ միեւնոյն ատեն դասաւանդած է Վազգենեան Հոգեւոր
Դպրանոցին մէջ։
2018 թ. Յունիսէն, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, նշանակուած է
Ճեմարանի փոխտեսուչ՝ շարունակելով դասաւանդել Գէորգեան Ճեմարանին եւ Վազգենեան Հոգեւոր
Դպրանոցին մէջ։
Ճեմարանին մէջ իր ծառայութեան ընթացքին, հույներէնէ թարգմանած եւ հրատարակած է հետեւեալ
աշխատութիւնները՝ Գէորգիոս Ֆիլիասի «Եկեղեցական Հռետորութիւն», Երեմիա Ֆունդասի «Հին

Կտակարան. Բովանդակութիւնը եւ Աստուածաբանութիւնը», Ստաւրոս Կալանձաքիսի «Հին Կտակարանի
Ներածութիւն» գրքերը։ Բացի այդ, հրատարակութեան պատրաստած է՝ Արսէն քհնյ. Բագրատունիի «Տասը
Պատվիրանները կամ Հոգեւոր Պարտացոյց» գիրքը, «Պատմութեան Փառահեղ Մի Էջ» գիրքը՝ նուիրուած
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օծման եւ գահակալութեան 25-ամեակին։
Եղած է բազմաթիւ գիրքերու խմբագիր, ինչպէս նաեւ տասնեակաւոր աւարտաճառերու ղեկավար։
Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանին մէջ իր պաշտօնավարութեան զուգահեռ, որպէս ծիսակատար քահանա՝
կիրակնօրեայ ծառայութիւններ մատուցած է Էջմիածնի Սուրբ Շողակաթ եւ Սուրբ Հռիփսիմէ վանքերուն մէջ։
Եղած է Հայաստանի Աստուածաշնչային Ընկերութեան Հոգաբարձուներու Խորհուրդի անդամ։
Երկար տարիներ եղած է նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական խորհուրդի անդամ։
2025 թ. Յունուար 11-ին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, նշանակուած է
Կանադահայոց Թեմ։
Ամուսնացած է, ունի երեք զաւակ։

Be Inspired
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի

(514) 279-3066

615 Avenue Stuart

Outremont, QC H2V 3H2

info@saintgregory.ca

Գրեք Մեզ

Success! Message received.

  • Instagram
  • YouTube
  • Facebook

© by Saint Gregory Church. 

bottom of page